Երեքշաբթի, 28 հոկտեմբերի, 2025 թ.
|
Ստեփանակերտում`   +14 °C

«Բաքվում պահվող հայ բանտարկյալների ազատ արձակումն անհետաձգելի հրամայական է». Արամ Ա

«Բաքվում պահվող հայ բանտարկյալների ազատ արձակումն անհետաձգելի հրամայական է». Արամ Ա
144
Երեկ, 22:00

Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսությունը հայտնում է. «Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային (Christian Solidarity International - CSI) կազմակերպութեան նախագահ դոկտ. Ճոն Այպնըրը։ Սոյն կազմակերպութեան կեդրոնը կը գտնուի Ցիւրիխի (Զուիցերիա) մէջ։ Ան տարբեր երկիրներու մէջ գրասենեակներ ունի։
Դոկտ. Այպնըր Հայրապետին պարզեց կազմակերպութեան աշխատանքները՝ Հայաստանի ու Արցախի վերաբերեալ եւ յատկապէս Պաքուի մէջ ապօրէն կերպով հայ բանտարկեալներուն գծով, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ Սուրիոյ ու Իրաքի քրիստոնեայ համայնքերուն կատարուած օժանդակութեանց մասին:
Նորին Սրբութիւնը իր տեսակէտները պարզեց յիշեալ հարցերուն առնչութեամբ, միաժամանակ իր գնահատանքը յայտնեց կազմակերպութեան գործունէութեան։ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորաբար շեշտեց Պաքուի մէջ հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման անյետաձգելի հրամայականը։
Դոկտ. Ճոն յայտնեց, թէ յառաջիկայ շրջանին պիտի այցելէ Անթիլիաս, որպէսզի վերոյիշեալ հարցերուն շուրջ լայնօրէն խորհրդակցի Վեհափառ Հայրապետին հետ։
Նշենք, որ հանդիպումին ներկայ էին արեւմտեան շրջանի հայ դատի յանձնախումբի անդամները»։