Ուրբաթ, 24 ապրիլի, 2026 թ.
|
Ստեփանակերտում`   +11 °C

«Կը մերժենք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ դիւանագիտական թէ տնտեսական որեւէ յարաբերութիւն, որ ըլլայ ի հեճուկս մեր ազգային գերագոյն իրաւունքներուն». Արամ Ա

«Կը մերժենք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ դիւանագիտական թէ տնտեսական որեւէ յարաբերութիւն, որ ըլլայ ի հեճուկս մեր ազգային գերագոյն իրաւունքներուն». Արամ Ա
86
Այսօր, 00:00

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼՈՎ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ՝ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՀՈՂԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ ԵՒ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ երեք հայ կուսակցութիւններու կողմէ կազմակերպուած ժողովրդային հաւաքին առիթով, իր պատգամը ուղղելով ողջ հայութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դատապարտեց Իսրայէլի ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, վերահաստատեց հայ ժողովուրդին կապուածութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան եւ խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ ըսաւ. «կը մերժենք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ դիւանագիտական թէ տնտեսական որեւէ յարաբերութիւն, որ ըլլայ ի հեճուկս մեր ազգային գերագոյն իրաւունքներուն: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ մեր բռնաբարուած իրաւունքներուն հատուցումը՝ Թուրքիոյ կողմէ, Արցախի ժողովուրդին վերադարձը եւ ինքնավարութեան վերահաստատումը միջազգային երաշխիքով, կրօնական ու պատմական կոթողներու պաշտպանութիւնը եւ Պաքուի հայ բանտարկեալներու ազատ արձակումը՝ Ազրպէյճանի կողմէ, կը մնան մեր պահանջատիրութեան հիմքերը»:
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ կոչ ուղղեց նաեւ շրջանէն ներս քաղաքական բանակցութիւններու ճամբով հարցերու լուծման՝ պահելով շրջանի երկիրներու անվտանգութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

Աղբյուրը`   Cilicia TV