Չորեքշաբթի, 12 նոյեմբերի, 2025 թ.
|
Ստեփանակերտում`   +14 °C

«Կարևոր է Հայ դատը իրավական դաշտ ուղղելը»․ Արամ Ա

«Կարևոր է Հայ դատը իրավական դաշտ ուղղելը»․ Արամ Ա
138
Այսօր, 20:48

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ իր խոսքն է ուղղել Ամերիկայի հայ իրավաբանական միության համախմբին․

«Շաբաթ, 8 Նոյեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, հրաւէրով Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ գումարուող Ամերիկայի Հայ Իրաւաբանական Միութեան համախմբումին, կարճ այցելութիւն մը տուաւ եւ իր խօսքը ուղղեց այնտեղ: Ան շեշտեց իրաւաբաններու առաքելութեան կարեւորութիւնը, որպէս պաշտպան արդարութեան ու ճշմարտութեան: Նորին Սուրբ Օծութիւնը միաժամանակ լայն բացատրութիւններ տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացած Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին գծով տարուող աշխատանքներուն մասին: Այս ծիրէն ներս, Հայրապետը յատկապէս շեշտեց հայ դատը իրաւական դաշտ ուղղելու կարեւորութիւնը՝ Սիսի յիշեալ դատը նկատելով առաջին ու վճռական քայլը այդ ուղղութեամբ:
Նորին Սրբութիւնը նաեւ պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն, ապա իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ ճաշի հիւրը եղաւ Միութեան»։