Երեքշաբթի, 23 ապրիլի, 2024 թ.
|
Ստեփանակերտում`   +17 °C

«Հայրենի մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է նո՛յն եւ մէ՛կ հրապարակի վրայ հաւաքուին». Արամ Ա

«Հայրենի մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է նո՛յն եւ մէ՛կ հրապարակի վրայ հաւաքուին». Արամ Ա
312
Ուրբաթ, 05 մարտի, 2021 թ., 00:40

Մեծի Տանն Կիլիկիո Արամ Առաջին կաթողիկոսը գրառում է կատարել Ֆեկսբուքի իր էջում, որը ներկայացնում ենք ստորև.
«Երեւանի երկու տարբեր հրապարակներու վրայ հաւաքուած նոյն ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ անհրաժեշտ է փոխադարձ հասկացողութեան ու վստահութեան կամուրջներ հաստատել։ Եւ աւելի՛ն. հայրենի մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է նո՛յն եւ մէ՛կ հրապարակի վրայ հաւաքուին՝ ի խնդիր Հայաստանի փրկութեան ու հզօրութեան։ Ա՛յս պէտք է դառնայ օրուան հրամայականը։ Ա՛յս կը պահանջէ հայրենիքին նկատմամբ իւրաքանչիւր հայու ունեցած հաւատարմութիւնն ու պարտաւորութիւնը։ Հայրենիքին ներկան ու ապագան ճշդողը ժողովուրդին հաւաքական կամքն է։