Երեքշաբթի, 01 հուլիսի, 2025 թ.
|
Ստեփանակերտում`   +18 °C

«Միեւնոյն զօրակցութիւնը կը ցուցաբերէի՞ք Հռոմի Պապին նկատմամբ որեւէ նման արտայայտութեան». ՀՅԴ

«Միեւնոյն զօրակցութիւնը կը ցուցաբերէի՞ք Հռոմի Պապին նկատմամբ որեւէ նման արտայայտութեան». ՀՅԴ
141
Երեկ, 18:18

ՀՅԴ Արևմտյան Եվրոպայի կենտրոնական կոմիտեի հայտարարությունը. «Նախագահ Մաքրոնի՝ Փաշինեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան բովանդակութիւնը անհասկնալի եւ անընդունելի է ու ըստ ամենայնի՝ դատապարտելի:

Երկու ուղղութիւններով տրուած պատգամը չի կրնար տեղաւորուիլ ֆրանսական քաղաքական դասական տրամաբանութեան մէջ:

ա – ինչպէ՞ս կարելի է ամբողջական զօրակցութիւն յայտնել այն անձին, որ Արցախը կամաւոր յանձնած է թշնամիին, որ 800 հեկտար հող զիջած է նոյն թշնամիին, որ 5000 երիտասարդ գիտակցաբար ուղարկած է դէպի մահ, հուսկ՝ քափիթիւլասիոնի ռահվիրայ է: Պարոն նախագահ, դուք ուրեմն նոյն տրամաբանութեամբ կը զօրակցէիք մարեշալ Փեթէնի՞ն: Վստահաբար ոչ:

Աւելին: Ինչպէ՞ս կը զօրակցիք Հայ եկեղեցւոյ դէմ պայքար յայտարարած, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին նկատմամբ ամենագռեհիկ արտայայտութիւններով հանդէս եկող անձին: Միեւնոյն զօրակցութիւնը կը ցուցաբերէի՞ք, օրինակ, Հռոմի Պապին նկատմամբ որեւէ նման արտայայտութեան կամ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նկատմամբ որեւէ նման արշաւի: Վստահաբար ոչ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի ժողովրդավարութեան այսպէս կոչուած ոտնահարումին, որուն պատասխանատւութիւնը հականէ-անուանէ կը վերագրէք ընդդիմութեան, ապա ձեր հասցէագրումը պիտի կատարէիք լրիւ հակառակ ուղղութեամբ, պարոն նախագահ, զայն ուղղելով նոյնինքն ձեր հովանաւորեալին, որովհետեւ ա՛ն է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ոտնահարման հիմնական պատասխանատուն, երբ ապօրինաբար կը ներխուժէ Վեհարանի տարածք, սուտ ու շինծու պատրուակներով կը հալածէ, կը ձերբակալէ, կը կալանաւորէ հոգեւորականներ, քաղաքական պատասխանատուներ, աքթիվիստներ, պարզապէս որովհետեւ ընդդիմախօս են իրեն եւ ընդդիմադիր՝ իր իշխանութեան: Դուք նոյն կեցուածքը կը ցուցաբերէ՞ք ձեր ընդդիմադիրներուն նկատմամբ, պարոն նախագահ: Վստահաբար ոչ:

բ -Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնելու մասին կը խօսիք, սահման բանալ կը ջատագովէք, պարոն նախագահ: Բայց ո՞ր կամ ի՞նչ խաղաղութեան մասին է խօսքը, երբ մւակողմանի զիջում կը կատարուի միայն ու անընդհատ, երբ պաշտօնական պաքու Հայաստանը կը շարունակէ նկատել այսպէս կոչուած «արեւմտեան ազրպէյճան», իսկ անգարա մատ կը թափահարէ օր ցերեկով յայտարարելով, որ 1915-ի ցեղասպանութիւնը դեռ դաս չէ եղած հայերուն …

***
Պարոն նախագահ, եթէ ձեր այս կեցուածքը կը բխի հակառուսական ձեր եւ ընդհանրապէս եւրոպական դիրքորոշումէն՝ Հայաստանի իշխանական շրջանակի նման ընդդիմութիւնը նկատելով ռուսամէտ, կը սխալիք, որովհետեւ ներհայաստանեան ու ներհայկական ներկայ տագնապն ու պայքարը երկու հոսանքներուն միջեւ ունի մէկ ու միակ վերնագիր՝ ազգայինը ընդդէմ ապազգայինին: Հետեւաբար, պարոն նախագահ, կ՛ակնկալենք, որ իբրեւ երկրի առաջին դէմք, Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութեան բնորոշ դասական ոճին հետեւիք, որ կը դաւանի հաւասարակշռուած ըլլալու իր երկարամեայ կենսափորձով»: